Ծրագիր եւ նպատակ
Գտնել նուիրատու անդամներ, շահարկել եւ հսկել ստեղծուած հիմնադրամներուն եւ աւանդներուն վրայ, եւ շահարկումէն գոյացած գումարին մէկ մասը կամ ամբողջը տրամադրել նուիրատուներուն կողմէ ճշդուած բարեսիրական հաստատութիւններու։
Մնայուն նիւթական աղբիւրներ ապահովելով, սատարել Հայ Գաղութին ծառայող հաստատութիւններուն նիւթականին ամրապնդման եւ երաշխաւորել անոնց բարգաւաճ գործունէութիւնը։
Համարատուութիւն
ԳՀ-ն կը կառավարուի ընտրովի եւ անվճար խնամակալ մարմնի մը կողմէ։ Անոր հաշուետու յանձնախումբերու անդամները, որակեալ եւ անվճար կամաւորներ են։ Խնամակալ մարմինը կ'ընտրուի ԳՀ-ի նուիրատու անդամներուն կողմէ, ԳՀ-ի եւ Հայ Կեդրոնի կողմէ միասնաբար առաջարկուած թեկնածուներու ցանկէն, երեք տարուան տեւողութեան համար։
ԳՀ-ի անդամները անոր նուիրատուներն են, հետեւաբար, Մարմինը բոլորովին հաշուետու է իր նուիրատու անդամներուն։ ԳՀ-ն կը գործէ շեշտելով բացարձակ թափանցիկութիւն եւ հոգատար վերաբերմունք հիմնադրամի գումարներուն նկատմամբ։
ԳՀ-ի նիւթական տեղեկագիրը ամէն տարի կը քննուի հաշուապահական ընկերութեան մը կողմէ եւ կը տրամադրուի իր անդամներուն եւ հասարակութեան։
Ինչու հաստատուեցաւ ԳՀ-ն
Պարզ է թէ երբ գաղութ մը աստիճանաբար կը մեծնայ եւ կը հաստատուի, սկզբնական շրջանին, գաղութի հաւաքական ճիգերը կը կեդրոնանան հարկ եղած կազմակերպական ցանցը գոյացնելու եւ զարգացնելու վրայ, ինչպէս հիմնել կեդրոններ, դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ այլ զանազան կազմակերպութիւններ ու մարմիններ, հոգալու համար գաղութի կարիքները։
Գաղութի մը կազմաւորման յաջորդ փուլին, առաջնահերթ կը դառնայ ապահովել հաստատուած այս կազմակերպութիւններու նիւթական կայունութիւնը եւ անոնց մատակարարած ծառայութեանց բարելաւումն ու ընդարձակումը։
Գաղութի մը կարիքներուն համար, գործող կազմակերպութիւնները մնայուն եկամուտներով օժտելու գաղափարը նոր չէ, եւ Սփիւռքի գաղութներու երկար պատմութեան մէջ, յաջողած գաղութներու յատկանիշն է։
ԳՀ-ն հաստատուած է որպէսզի աստիճանաբար շեշտը նուազի աւանդական եւ հերթական հանգանակութիւններու վրայ վստահելէ, եւ ժամանակի ընթացքին մնայուն հիմնադրամներ եւ աւանդներ գոյանան, որոնց արհեստավարժ շահարկումով ապահովուի մեր կենսունակ գաղութի ապագան։
Գհ-ի Խնամակալ մարմինը հիմնադրամի դրամագլուխին շահարկման համար որդեգրած է պահպանողական եւ զգոյշ մօտեցում, որովհետեւ հիմնադրամին դրամագլուխը պահպանելը առաջնահերթութիւն է:
ԳՀ-ի Կառոյցը
ԳՀ-ի կազմակերպական կառոյցը մասնաւոր ուշադրութեամբ մշակուած է որպէսզի իր նուիրատուներուն կարելիութիւնը տայ որ.
Իբրեւ հիմնադրամի նուիրատու անդամներ, գործօն մասնակցութիւն բերեն ԳՀ-ին։
Գոհունակութիւնը ունենան, իմաստալից նուիրատուութիւններով ֆոնտեր հաստատել եւ այդպիսով օգնել իրենց նախասիրած նպատակին կամ կազմակերպութեան։
Վստահութիւնը ունենան որ ֆոնտերէն գոյացած պատկառելի գումարները կը կառավարուին արհեստավարժ կերպով։
Ժամանակի ընթացքին, յաջորդական նուիրատուութիւններով աճեցնեն դրամագլուխը, ծաւալելով անոր բերած նպաստը։
Իրենց ընտանեկան անունը ստանայ պատշաճ ճանաչում, որպէս նուիրատու եւ բարերար։